Հարցազրույց Լիբանանում գործող «Երեփունի- Անկախ Հայկական Լրատու» կայքէջի խմբագիր –սեփականատեր Ահարոն Շխրտմյանի հետ (Սփյուռքահայ հայտնի մտավորական, հասարակական գործիչ Ահարոն Շխրտմյանը մեկ տասնամյակից ավելի լիբանանյան «Արարատ» օրաթերթի գլխավոր խմբագրի պաշտոնը վարելուց հետո անցյալ սեպտեմբերին հրաժարական է տվել և ստեղծել «yerepouni-news.com» եռալեզու, ամենօրյա լրատվական կայքէջը)
–Լիբանանահայ համայնքի ամենասուր խնդիրը ո՞րն է այսօր, որ օր առաջ լուծման կարիք ունի։
–Լիբանան կը նկատուի Սփիւռքահայութեան բազկերակը: Եթէ առողջ են անոր զարկերը, կը նշանակէ սովորական հունի մէջ են սփիւռքահայութեան առջեւ դրուած առաջադրանքները: Լիբանանահայ համայնքին առջեւ ծառացող ամենահիմնական հարցը անոր գոյութեան տագնապն է: Դժբախտաբար այսօրուան լիբանանահայ գաղութը բաւական հեռու է իր երէկէն: Տնտեսական, ընկերային եւ յատկապէս քաղաքական գործօններ կը խանգարեն լիբանանահայութեան առջեւ ցցուած ամենալուրջ եւ հիմնական մարտահրաւէրը՝ որ հայապահպանումն է եւ՝ Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով հայեր հեռացան Լիբանանէն: Մարդուժի այս արտահոսքը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ համայնքին ուժականութեան վրայ: Այս ըսելով, պէտք չէ անտեսել կամ չգնահատել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան համար կատարուող երախտաւոր աշխատանքը, սակայն երկրորդական հարցեր, յատկապէս՝ քաղաքական (ներլիբանանեան) պատճառ կը դառնան, որ լիբանանահայութիւնը անիմաստ երեւոյթներու մէջ վատնէ իր ներուժը: Լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները խռած են երկրին բեւեռացած քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնք յաճախ կը մոռնան, թէ անհրաժեշտութիւն չունին իրենց ուսերուն վրայ շալկելու այսքան պատասխանատուութիւն: Անոնց գործնական միասնականութենէն միակ շահողը պիտի ըլլայ լիբանանահայութիւնը: Սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը: Մեր միասնականութիւնը միաժամանակ աւելի շեշտակի կրնայ դարձնել համայնքին հանդէպ յարգանքն ու անոր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Այս ցաւալի թերութիւնները նշելով հանդերձ, կ'ուզեմ ընդգծել, թէ բարեբախտաբար համայնքին մէջ տիրողը միացնող գործօնն է: Հակառակ անոր, որ ազգային մտահոգութիւնը ձեւական բնոյթ ստացած է ոմանց համար, մեր համայնքը քաջատեղեակ է իր առջեւ դրուած հրամայականներուն: Բարեբախտութիւն է, որ համայնքը միասնական պահող գործօնները եւ միասնականութեան հաւատացող ուժերու գերակայութիւնը ամուռ կը պահեն լիբանանահայութիւնը: Լիբանանահայութիւնը հասած է այնպիսի հանգրուան մը, ուր անջատողականութիւնը ազգային ոճիրի համազօր յանցագործութիւն է:
–Որքանո՞վ է ՀՀ սփյուռքի նախարարությունը կարողանում հաղորդակից լինել Լիբանանում մեր հայրենակիցների խնդիրներին և նպաստել դրանց լուծմանը։
–Նախ անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ին՞չ պէտք է հասկնալ Սփիւռքի նախարարութիւն կառոյցէն: Շնորհակալ աշխատանք կը կատարուի այնտեղ, բայց յաճախ շփոթ կ՛առաջանայ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն շուրջ: Անհրաժեշտ է յստակացնել Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքային դաշտը: Մենք յաւակնութիւն չունինք թելադրութիւններ կատարելու Սփիւռքի նախարարութեան, որովհետեւ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի այնտեղ: Յաճախ ըսած եմ. Նախարարութիւնը կամ նախարարը շատ լաւ գիտեն հիմնական ցաւերը, սակայն միջոցներու սահմանափակութիւնը անոնց կը ստիպէ կատարել հնարաւոր կարելին...: Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութ իր իւրայատկութիւնը ունի, բաւական դժուար է նաւարկել եւ ընդհանուր յայտարարներ գտնել այս բոլորին մէջ: Գալով Ձեր հարցումին, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդակից կրնա՞յ դառնալ լիբանանահայութեան խնդիրներուն եւ նպաստել անոնց լուծմանը, պիտի նախընտրէի, որ ոչ միայն Սփիւքի նախարարութիւնը, այլ որեւէ նախարարութիւն խուսափէր միջամուխ դառնալու համայնքներու ներքին առօրեային: Անոնք հաւասար հեռաւորութեան վրայ դիտէին հարցերը եւ միջամուխ չդառնային համայնքներու ներքին գործերուն: Այսօրուան դրութեամբ գոյութիւն չունին նման մտահոգութիւններ: Այս մեծ բարեբախտութիւն է: Պէտք է ըսել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական ճկուն եւ հետեւողական քաղաքականութիւն կը վարէ այս ուղղութեամբ: Համայնքներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը կրնայ առաւել բարդացնել տուեալ համայնքին իրավիճակը:Նախարարութիւնը գնահատելի աշխատանք կը կատարէ սփիւռք- հայրենիք կամուրջներու ամրապնդման ուղղութեամբ: Համաժողովներ, հաւաքներ, երիտասարդական խորհրդաժողովներ, բանակումներ այս բոլորը իսկապէս գնահատելի աշխատանք է, յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդին մօտ հայրենասիրութեան ոգին աւելի զօրացնելու, անոր հայրենիքին կապելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ուղղութեամբ:
–Հատկապես վերջին չորս տարիների ընթացքում Հայաստան վերադարձող և այստեղ մշտական բնակություն հաստատող լիբանանահայերի թիվն ավելացել է, թե՞ պակասել։
–Այս հարցումին պիտի չուզէի գուշակութեամբ պատասխանել: Հաւատացէք որ Լիբանանի մէջ շատ հայեր կան, որոնք համոզուած են, թէ հայուն հայրենիքն է անոր վերջին հանգրուանը: Սփիւռքը եւ օտարութիւնը չի կրնար հայրենիք դառնալ: Սակայն ըստ երեւոյթին տակաւին չեն հասունցած հայը Հայաստանի մէջ համախմբելու պայմանները: Միւս կողմէ, պէտք է ըլլանք իրապաշտ. Հայրենիքը պէտք չէ շփոթել դրախտի հետ կամ երեւակայել այնպէս, որ նոյնիսկ Աւետեաց Գրքին մէջ գոյթութիւն չունին նման բարեմասնութիւններ...: Հայրենիքն ալ ի վերջոյ կերտուած է մարդէ ու հողէ: Ես եմ, դուն ես, մենք ենք այս հայրենիքը մեր թերութիւններով եւ իրականութիւններով: Ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ զանոնք դիմաւորելու: Հայրենի պետականութիւնը վստահ եմ լաւ կը գնահատէ հայրենադարձութեան իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ մեր հայրենի պետականութիւնը քիչ մը աւելի հետեւողական մօտենայ հայրենադարձութեան համար բաւարար պայմաններ ստեղծելու աշխատանքներուն, վստահ եմ, հայրենիք մեր վերադառնալէն առաջ, նուազագոյնի պիտի հասնի հայրենիքէն մեկնողներու հոսքը եւ վերադարձողներուն թիւը անպայմանօրէն պիտի գերազանցէ մեկնողները:
–Ինչպե՞ս եք գնահատում ՀՀ–ում այսօր առկա ներքաղակական և տնտեսական վիճակը։ Արդյոք այն չի՞ նպաստում արտագաղթի կտրուկ ավելացմանը։
–Պէտք է իրապաշտ ըլլալ մօտեցումներու եւ ակնկալութիւններու, ինչպէս նաեւ թերութիւններ մատնանշելու մէջ: Ինչ խօսք, բաւական լուրջ թերութիւններ գոյութիւն ունին վերանկախ հայրենիքին մէջ: Երկիր որուն իրաւական համակարգը չի գործեր ինքնուրոյն, այդ երկրին քաղաքացին կը մնայ անպաշպան: Իրաւական համակարգն է, որ պիտի երաշխաւորէ քաղաքացիին իրաւունքները: Այս գետնի վրայ բաւական լուրջ աշխատանք կայ կատարելիք Հայաստանի մէջ: Մէկ այլ լուրջ հարց՝ ստուերային տնտեսութեան գոյութիւնն է: Այս տխուր երեւոյթները ոչ միայն կը խանգարեն ներգաղթը, այլեւ՝ կը նպաստեն արտագաղթին, հայաթափման: Եթէ դար մը առաջ թուրքերը մեզ Կարմիր ջարդի ենթարկեցին, այսօր մեր ձեռքով Սպիտակ ջարդի չենթարկենք մեր ժողովուրդը: Հայաստանը մեր հայրենիքն է: Կը կարծեմ, որ կարելի է իրականութեան վերածել հայրենիքի մէջ ապրելու սփիւռքահայութեան երազը, քիչ մը խրախուսանք, իրաւական ու ընկերային պայմաններու բարելաւում բաւարար է, որ հայը Նիւ Զելանտա գաղթելու փոխարէն նախընտրէ ապրիլ իր հայրենիքին մէջ: Ո՞վ ըսաւ, թէ Սփիւռքի մեր ապրած երկիրներուն մէջ իտէալական ոճով կը գործեն պետական կառոյցները, մեզ մօտ ալ գոյութիւն ունի յափշտակութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահութիւն, ուստի խոշորացոյցով չդիտենք հայրենիքի մէջ պատահած իւրաքանչիւր դէպք, բայց այս ըսելով չի նշանակեր, թէ բացթողումներ չկան Հայաստանի մէջ: Այո կան եւ պէտք է պայքարիլ անոնց դէմ:
–Սիրիայում տեղի ունեցող բախումները ի՞նչ ազդեցություն են թողնում լիբանանահայերի վրա։
–Սուրիոյ հարցը լիբանանահայութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտէ դժբախտաբար: Սուրիան եղած է Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան առաջին օթեւանը: Մեր մեծ մայրերու եւ մեծահայրերու մեծամասնութիւնը սուրիաան անապատներու աւազներուն վրայ իրենց զաւակներուն սորվեցուցած են հայերէնի առաջին տառերը: Սուրիան դարձած է Սփիւռքահայ մտաւորականութեան մեկնաղբիւրը: Անցնող դարու մեր քաղաքական, հասարակական, կրօնական դէմքերու մեծամասնոիւթիւնը եկած են Սուրիայէն: Սփիւքահայութիւնը առ հասարակ, իսկ Լիբանանահայութիւնը ի մասնաւորին չեն կրնար մոռնալ Սուրիոյ շնորհած բարիքները: Բայց դժբախտաբար ոմանք կը մոռնան պատմութիւնը, կը մոռնան իրենց անցեալը: Ուրիշներ ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ կը քալեն հոսանքին հետ: Այն ինչ տեղի կ'ունենայ այսօր Սուրիոյ մէջ հեռու է ժողովրդավարական հասարակարգ ստեղծելու իրողութենէն: Արեւմտեան եւ արաբական կարգ մը պետութիւններ բնական հարստութիւններ եւ նաւթի հանգեր յափշտակելու նպատակով կը քանդեն Սուրիան: Կը փորձեն քանդել այդ երկրին ենթակառոյցը, միջհամայնքային կառոյցը: Սուրիոյ տագնապը որքան ալ երկարի, երկխօսութեան ճամբով պիտի լուծուի , ի վերջոյ: Սուրիոյ պարագան չի նմանիր Լիպիոյ կամ Եգիպտոսի կացութեան: Ուստի ճիշդ պիտի չըլլայ անտեղի գրաւներ դնել աջ ու ձախ, կամ աջակցիլ արտաքին միջամտութիւններուն: Լիբանանահայ քաղաքական միտքը Սուրիոյ պարագային ալ բեւեռացած են դիրքորոշումները, դժբախտաբար: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ լիբանանահայ կարգ մը հոսանքներ յանդգնութիւնը չունին հեռուն տեսնելու:Խրելով ներլիբանանեան ասեկոսէներու մէջ, ոմանք մինչեւ իսկ Հայաստանի նախագահին խորհուրդ կու տան՝ հեռու մնալ Սուրիոյ հակամարտութենէն...: Ասիկա պարզապէս ամօթանք է: Ինքզինք յարգող եւ շրջահայեաց հայը պահ մը պէտք է ինք իր հետ հաշուի նստի, ու հարցնէ, ո՞ւր պիտի հասնի արաբ ժողովուրդի արեամբ, անոր հարստութիւնները յափշտակելու գարնանային այս արշաւը եւ ին՞չ կը պահանջեն Հայաստանի շահերը: Դժբախտաբար ոմանք Պապէն աւելի պապական արտայայտութիւններ սկսած են ունենալ:
–ՀՀ ԱԳ նախարարը, ինչպես նաև հայաստանյան բարձրաստիճան այլ պաշտոնյաներ, առիթը բաց չեն թողնում հայտարարելու, որ հայ–թուրքական արձանագրությունները նպաստավոր էին Հայաստանի դիվանագիտության համար և մենք դրանից միմիայն շահեցինք, քանի որ աշխարհը տեսավ, թե իրականում Թուրքիան ով է։ Դուք և այդտեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նույնպե՞ս են կարծում։
–Այս հարցին շուրջ պէտք է ընդունիք, թէ նախնական շրջանին տարկարծութիւններ ծագեցան հայրենի իշխանութիւններուն հետ: Իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք ազատ է ունենալու իր սեփական տեսակէտը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ: Մենք օրին դէմ արտայայտուեցանք այդ ներկայացումին: Պետականութիւնը չի կրնար մեզի նման մտածել, կամ նուազագոյնը՝ շարժիլ: Այո օրին քննադատեցինք հայրենի իշխանութիւններուն կեցուածքը, սակայն անմիջապէս ողջունեցինք երբ թուրքը անգամ մը եւս համայն աշխարհին առջեւ ապացուցեց, թէ կը մնայ թուրք եւ պիտի մնայ թուրք...: Մենք համոզուած ենք, որ հայրենի իշխանութիւնները տեղ մըն ալ մեզմէ աւելի գիտակից են, թէ ինչպէս պիտի վերաբերին Թուրքիոյ ճամարտակութիւններուն, անոր քարոզչական մեքենային դէմ: Այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը Սփիւռք- հայրենիք դերերու բաշխումն է եւ ներդաշնակ աշխատանքներու համադրումը: Ի վերջոյ մեր պետակնութիւնն է, որ պիտի հետապնդէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխած հետեւանքներուն պաշտպանութիւնը: Մենք իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւններ, եկեղեցի եւ այլ կազմակերպութիւններ մէկ խօսքով՝ Սփիւռքը իր բոլոր բաղկացուցիչներով կը հաւատանք պայքարի միացեալ եւ համադրուած եղանակին: Համոզուած եմ, որ հաւաքական եւ միայն հաւաքական աշխատանքով կրնանք պահպանել Սփիւռքը, կերտել հզօր հայրենիք եւ պետականութիւն, մեր հայրենիքին սահմանները պաշտպանող բանակ:
Ահարոն Շխրտմյան
Հարցազրույց Լիբանանում գործող «Երեփունի- Անկախ Հայկական Լրատու» կայքէջի խմբագիր –սեփականատեր Ահարոն Շխրտմյանի հետ (Սփյուռքահայ հայտնի մտավորական, հասարակական գործիչ Ահարոն Շխրտմյանը մեկ տասնամյակից ավելի լիբանանյան «Արարատ» օրաթերթի գլխավոր խմբագրի պաշտոնը վարելուց հետո անցյալ սեպտեմբերին հրաժարական է տվել և ստեղծել «yerepouni-news.com» եռալեզու, ամենօրյա լրատվական կայքէջը)
–Լիբանանահայ համայնքի ամենասուր խնդիրը ո՞րն է այսօր, որ օր առաջ լուծման կարիք ունի։
–Լիբանան կը նկատուի Սփիւռքահայութեան բազկերակը: Եթէ առողջ են անոր զարկերը, կը նշանակէ սովորական հունի մէջ են սփիւռքահայութեան առջեւ դրուած առաջադրանքները: Լիբանանահայ համայնքին առջեւ ծառացող ամենահիմնական հարցը անոր գոյութեան տագնապն է: Դժբախտաբար այսօրուան լիբանանահայ գաղութը բաւական հեռու է իր երէկէն: Տնտեսական, ընկերային եւ յատկապէս քաղաքական գործօններ կը խանգարեն լիբանանահայութեան առջեւ ցցուած ամենալուրջ եւ հիմնական մարտահրաւէրը՝ որ հայապահպանումն է եւ՝ Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով հայեր հեռացան Լիբանանէն: Մարդուժի այս արտահոսքը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ համայնքին ուժականութեան վրայ: Այս ըսելով, պէտք չէ անտեսել կամ չգնահատել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան համար կատարուող երախտաւոր աշխատանքը, սակայն երկրորդական հարցեր, յատկապէս՝ քաղաքական (ներլիբանանեան) պատճառ կը դառնան, որ լիբանանահայութիւնը անիմաստ երեւոյթներու մէջ վատնէ իր ներուժը: Լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները խռած են երկրին բեւեռացած քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնք յաճախ կը մոռնան, թէ անհրաժեշտութիւն չունին իրենց ուսերուն վրայ շալկելու այսքան պատասխանատուութիւն: Անոնց գործնական միասնականութենէն միակ շահողը պիտի ըլլայ լիբանանահայութիւնը: Սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը: Մեր միասնականութիւնը միաժամանակ աւելի շեշտակի կրնայ դարձնել համայնքին հանդէպ յարգանքն ու անոր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Այս ցաւալի թերութիւնները նշելով հանդերձ, կ'ուզեմ ընդգծել, թէ բարեբախտաբար համայնքին մէջ տիրողը միացնող գործօնն է: Հակառակ անոր, որ ազգային մտահոգութիւնը ձեւական բնոյթ ստացած է ոմանց համար, մեր համայնքը քաջատեղեակ է իր առջեւ դրուած հրամայականներուն: Բարեբախտութիւն է, որ համայնքը միասնական պահող գործօնները եւ միասնականութեան հաւատացող ուժերու գերակայութիւնը ամուռ կը պահեն լիբանանահայութիւնը: Լիբանանահայութիւնը հասած է այնպիսի հանգրուան մը, ուր անջատողականութիւնը ազգային ոճիրի համազօր յանցագործութիւն է:
–Որքանո՞վ է ՀՀ սփյուռքի նախարարությունը կարողանում հաղորդակից լինել Լիբանանում մեր հայրենակիցների խնդիրներին և նպաստել դրանց լուծմանը։
–Նախ անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ին՞չ պէտք է հասկնալ Սփիւռքի նախարարութիւն կառոյցէն: Շնորհակալ աշխատանք կը կատարուի այնտեղ, բայց յաճախ շփոթ կ՛առաջանայ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն շուրջ: Անհրաժեշտ է յստակացնել Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքային դաշտը: Մենք յաւակնութիւն չունինք թելադրութիւններ կատարելու Սփիւռքի նախարարութեան, որովհետեւ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի այնտեղ: Յաճախ ըսած եմ. Նախարարութիւնը կամ նախարարը շատ լաւ գիտեն հիմնական ցաւերը, սակայն միջոցներու սահմանափակութիւնը անոնց կը ստիպէ կատարել հնարաւոր կարելին...: Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութ իր իւրայատկութիւնը ունի, բաւական դժուար է նաւարկել եւ ընդհանուր յայտարարներ գտնել այս բոլորին մէջ: Գալով Ձեր հարցումին, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդակից կրնա՞յ դառնալ լիբանանահայութեան խնդիրներուն եւ նպաստել անոնց լուծմանը, պիտի նախընտրէի, որ ոչ միայն Սփիւքի նախարարութիւնը, այլ որեւէ նախարարութիւն խուսափէր միջամուխ դառնալու համայնքներու ներքին առօրեային: Անոնք հաւասար հեռաւորութեան վրայ դիտէին հարցերը եւ միջամուխ չդառնային համայնքներու ներքին գործերուն: Այսօրուան դրութեամբ գոյութիւն չունին նման մտահոգութիւններ: Այս մեծ բարեբախտութիւն է: Պէտք է ըսել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական ճկուն եւ հետեւողական քաղաքականութիւն կը վարէ այս ուղղութեամբ: Համայնքներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը կրնայ առաւել բարդացնել տուեալ համայնքին իրավիճակը: Նախարարութիւնը գնահատելի աշխատանք կը կատարէ սփիւռք- հայրենիք կամուրջներու ամրապնդման ուղղութեամբ: Համաժողովներ, հաւաքներ, երիտասարդական խորհրդաժողովներ, բանակումներ այս բոլորը իսկապէս գնահատելի աշխատանք է, յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդին մօտ հայրենասիրութեան ոգին աւելի զօրացնելու, անոր հայրենիքին կապելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ուղղութեամբ:
–Հատկապես վերջին չորս տարիների ընթացքում Հայաստան վերադարձող և այստեղ մշտական բնակություն հաստատող լիբանանահայերի թիվն ավելացել է, թե՞ պակասել։
–Այս հարցումին պիտի չուզէի գուշակութեամբ պատասխանել: Հաւատացէք որ Լիբանանի մէջ շատ հայեր կան, որոնք համոզուած են, թէ հայուն հայրենիքն է անոր վերջին հանգրուանը: Սփիւռքը եւ օտարութիւնը չի կրնար հայրենիք դառնալ: Սակայն ըստ երեւոյթին տակաւին չեն հասունցած հայը Հայաստանի մէջ համախմբելու պայմանները: Միւս կողմէ, պէտք է ըլլանք իրապաշտ. Հայրենիքը պէտք չէ շփոթել դրախտի հետ կամ երեւակայել այնպէս, որ նոյնիսկ Աւետեաց Գրքին մէջ գոյթութիւն չունին նման բարեմասնութիւններ...: Հայրենիքն ալ ի վերջոյ կերտուած է մարդէ ու հողէ: Ես եմ, դուն ես, մենք ենք այս հայրենիքը մեր թերութիւններով եւ իրականութիւններով: Ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ զանոնք դիմաւորելու: Հայրենի պետականութիւնը վստահ եմ լաւ կը գնահատէ հայրենադարձութեան իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ մեր հայրենի պետականութիւնը քիչ մը աւելի հետեւողական մօտենայ հայրենադարձութեան համար բաւարար պայմաններ ստեղծելու աշխատանքներուն, վստահ եմ, հայրենիք մեր վերադառնալէն առաջ, նուազագոյնի պիտի հասնի հայրենիքէն մեկնողներու հոսքը եւ վերադարձողներուն թիւը անպայմանօրէն պիտի գերազանցէ մեկնողները:
–Ինչպե՞ս եք գնահատում ՀՀ–ում այսօր առկա ներքաղակական և տնտեսական վիճակը։ Արդյոք այն չի՞ նպաստում արտագաղթի կտրուկ ավելացմանը։
–Պէտք է իրապաշտ ըլլալ մօտեցումներու եւ ակնկալութիւններու, ինչպէս նաեւ թերութիւններ մատնանշելու մէջ: Ինչ խօսք, բաւական լուրջ թերութիւններ գոյութիւն ունին վերանկախ հայրենիքին մէջ: Երկիր որուն իրաւական համակարգը չի գործեր ինքնուրոյն, այդ երկրին քաղաքացին կը մնայ անպաշպան: Իրաւական համակարգն է, որ պիտի երաշխաւորէ քաղաքացիին իրաւունքները: Այս գետնի վրայ բաւական լուրջ աշխատանք կայ կատարելիք Հայաստանի մէջ: Մէկ այլ լուրջ հարց՝ ստուերային տնտեսութեան գոյութիւնն է: Այս տխուր երեւոյթները ոչ միայն կը խանգարեն ներգաղթը, այլեւ՝ կը նպաստեն արտագաղթին, հայաթափման: Եթէ դար մը առաջ թուրքերը մեզ Կարմիր ջարդի ենթարկեցին, այսօր մեր ձեռքով Սպիտակ ջարդի չենթարկենք մեր ժողովուրդը: Հայաստանը մեր հայրենիքն է: Կը կարծեմ, որ կարելի է իրականութեան վերածել հայրենիքի մէջ ապրելու սփիւռքահայութեան երազը, քիչ մը խրախուսանք, իրաւական ու ընկերային պայմաններու բարելաւում բաւարար է, որ հայը Նիւ Զելանտա գաղթելու փոխարէն նախընտրէ ապրիլ իր հայրենիքին մէջ: Ո՞վ ըսաւ, թէ Սփիւռքի մեր ապրած երկիրներուն մէջ իտէալական ոճով կը գործեն պետական կառոյցները, մեզ մօտ ալ գոյութիւն ունի յափշտակութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահութիւն, ուստի խոշորացոյցով չդիտենք հայրենիքի մէջ պատահած իւրաքանչիւր դէպք, բայց այս ըսելով չի նշանակեր, թէ բացթողումներ չկան Հայաստանի մէջ: Այո կան եւ պէտք է պայքարիլ անոնց դէմ:
–Սիրիայում տեղի ունեցող բախումները ի՞նչ ազդեցություն են թողնում լիբանանահայերի վրա։
–Սուրիոյ հարցը լիբանանահայութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտէ դժբախտաբար: Սուրիան եղած է Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան առաջին օթեւանը: Մեր մեծ մայրերու եւ մեծահայրերու մեծամասնութիւնը սուրիաան անապատներու աւազներուն վրայ իրենց զաւակներուն սորվեցուցած են հայերէնի առաջին տառերը: Սուրիան դարձած է Սփիւռքահայ մտաւորականութեան մեկնաղբիւրը: Անցնող դարու մեր քաղաքական, հասարակական, կրօնական դէմքերու մեծամասնոիւթիւնը եկած են Սուրիայէն: Սփիւքահայութիւնը առ հասարակ, իսկ Լիբանանահայութիւնը ի մասնաւորին չեն կրնար մոռնալ Սուրիոյ շնորհած բարիքները: Բայց դժբախտաբար ոմանք կը մոռնան պատմութիւնը, կը մոռնան իրենց անցեալը: Ուրիշներ ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ կը քալեն հոսանքին հետ: Այն ինչ տեղի կ'ունենայ այսօր Սուրիոյ մէջ հեռու է ժողովրդավարական հասարակարգ ստեղծելու իրողութենէն: Արեւմտեան եւ արաբական կարգ մը պետութիւններ բնական հարստութիւններ եւ նաւթի հանգեր յափշտակելու նպատակով կը քանդեն Սուրիան: Կը փորձեն քանդել այդ երկրին ենթակառոյցը, միջհամայնքային կառոյցը: Սուրիոյ տագնապը որքան ալ երկարի, երկխօսութեան ճամբով պիտի լուծուի , ի վերջոյ: Սուրիոյ պարագան չի նմանիր Լիպիոյ կամ Եգիպտոսի կացութեան: Ուստի ճիշդ պիտի չըլլայ անտեղի գրաւներ դնել աջ ու ձախ, կամ աջակցիլ արտաքին միջամտութիւններուն: Լիբանանահայ քաղաքական միտքը Սուրիոյ պարագային ալ բեւեռացած են դիրքորոշումները, դժբախտաբար: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ լիբանանահայ կարգ մը հոսանքներ յանդգնութիւնը չունին հեռուն տեսնելու:Խրելով ներլիբանանեան ասեկոսէներու մէջ, ոմանք մինչեւ իսկ Հայաստանի նախագահին խորհուրդ կու տան՝ հեռու մնալ Սուրիոյ հակամարտութենէն...: Ասիկա պարզապէս ամօթանք է: Ինքզինք յարգող եւ շրջահայեաց հայը պահ մը պէտք է ինք իր հետ հաշուի նստի, ու հարցնէ, ո՞ւր պիտի հասնի արաբ ժողովուրդի արեամբ, անոր հարստութիւնները յափշտակելու գարնանային այս արշաւը եւ ին՞չ կը պահանջեն Հայաստանի շահերը: Դժբախտաբար ոմանք Պապէն աւելի պապական արտայայտութիւններ սկսած են ունենալ:
–ՀՀ ԱԳ նախարարը, ինչպես նաև հայաստանյան բարձրաստիճան այլ պաշտոնյաներ, առիթը բաց չեն թողնում հայտարարելու, որ հայ–թուրքական արձանագրությունները նպաստավոր էին Հայաստանի դիվանագիտության համար և մենք դրանից միմիայն շահեցինք, քանի որ աշխարհը տեսավ, թե իրականում Թուրքիան ով է։ Դուք և այդտեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նույնպե՞ս են կարծում։
–Այս հարցին շուրջ պէտք է ընդունիք, թէ նախնական շրջանին տարկարծութիւններ ծագեցան հայրենի իշխանութիւններուն հետ: Իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք ազատ է ունենալու իր սեփական տեսակէտը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ: Մենք օրին դէմ արտայայտուեցանք այդ ներկայացումին: Պետականութիւնը չի կրնար մեզի նման մտածել, կամ նուազագոյնը՝ շարժիլ: Այո օրին քննադատեցինք հայրենի իշխանութիւններուն կեցուածքը, սակայն անմիջապէս ողջունեցինք երբ թուրքը անգամ մը եւս համայն աշխարհին առջեւ ապացուցեց, թէ կը մնայ թուրք եւ պիտի մնայ թուրք...: Մենք համոզուած ենք, որ հայրենի իշխանութիւնները տեղ մըն ալ մեզմէ աւելի գիտակից են, թէ ինչպէս պիտի վերաբերին Թուրքիոյ ճամարտակութիւններուն, անոր քարոզչական մեքենային դէմ: Այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը Սփիւռք- հայրենիք դերերու բաշխումն է եւ ներդաշնակ աշխատանքներու համադրումը: Ի վերջոյ մեր պետակնութիւնն է, որ պիտի հետապնդէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխած հետեւանքներուն պաշտպանութիւնը: Մենք իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւններ, եկեղեցի եւ այլ կազմակերպութիւններ մէկ խօսքով՝ Սփիւռքը իր բոլոր բաղկացուցիչներով կը հաւատանք պայքարի միացեալ եւ համադրուած եղանակին: Համոզուած եմ, որ հաւաքական եւ միայն հաւաքական աշխատանքով կրնանք պահպանել Սփիւռքը, կերտել հզօր հայրենիք եւ պետականութիւն, մեր հայրենիքին սահմանները պաշտպանող բանակ:
Հարցազրույցը վարեց Արեգնազ Մանուկյանը