Ինչո՞ւ համար սիրուած երգիչ մը՝ Շուշան Պետրոսեանը, որ հայրենասիրական, ազգային երգերու հրաշալի կատարող մըն է եւ որուն ընտրած երգերը ունին դաստիարակող, ներշնչող ազդեցութիւն, ընդունած է մտնել իշխող կուսակցութեան ընտրական ցուցակին մէջ:
Ինչո՞ւ համար ընդդիմադիր, քննադատական սուր յօդուածներով յայտնի «Առաւօտ»ի նման թերթի մը աշխատակիցը, յանդուգն ու սուր գրիչ ունեցող հրապարակագիրը՝ Մարգարիտ Եսայեանը, որուն ակնարկները նաեւ ուղուած էին իշխանութեան դէմքերու անիրաւութեանց դէմ, ընդունած է մաս կազմել նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական ցուցակին:
Եթէ այս երկու կին գործիչները շարժած են այն տրամաբանութեամբ, որ իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն երկիրը բարելաւելու, ժողովուրդին վիճակը թեթեւցնելու, Հայաստանը բարգաւաճ, արդար պետութեան մը վերածելու, եւ որ այդ ճամբուն վրայ իրենք իրենց մասնակցութեամբ կրնան արագացնել գործընթացը ու սրբագրել թերութիւնները, ապա մեզի կը մնայ յաջողութիւն մաղթել իրենց եւ ուժ ու կորով՝ դիմանալու ժողովուրդին յանդիմանող նայուածքներուն ու յուսախափ արտայայտութիւններուն:
Չենք ուզեր հաւատալ, որ իշխանութեան անփոփոխելիութեան գաղափարին հետ հաշտուելով՝ այս գործիչները մղուած են զուտ շահադիտական նկատառումներով, անոր մաս կազմելով՝ անձնական օգուտներ քաղելու տրամադրութիւններով:
Իշխանութեան կողմէ այս եւ իրենց նման քանի մը գործիչներու ներառումը ընտրական ցուցակին մէջ, պարզապէս քարոզչական մարտավարութիւն մը չէ՞՝ հասարակութեան մէջ այն տպաւորութիւնը ստեղծելու համար, որ՝ տեսէ՛ք, մենք թարմութիւն կը բերենք մեր շարքերուն մէջ:
Կրնանք վստահութեամբ արձանագրել, որ իշխող շրջանակը այս գործիչները պիտի գործածէ իբրեւ գեղագիտական շպար՝ նոյն տգեղ իրականութիւնը թաքցնելու համար:
Ի՞նչն է փոխվել Հայաստանում

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ