Լրահոս

07.11.2011 10:45


«Յուսախաբ և վշտահար ենք Ազնաւուրէն»

Շատ դժուար, տառապալից պարտականութիւն է գրել մէկու մը դէմ, որուն հանդէպ սէր, յարգանք եւ գնահատանք ունեցած էի մինչեւ այն պահը, երբ ան իր նոր արտայայտութիւններով յուսախաբութիւն եւ վիշտ կը պատճառէ: Աշխարհահռչակ երգիչ Ազնաւուր վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած է «Նովէլ տ’Արմենի»ին հետ, ուր կ’ըսէ, թէ իրեն համար շատ ալ կարեւոր չէ ցեղասպանութիւն կոչել 1915-ին սկսած եւ մինչեւ 5-6 տարի շարունակուած ջարդերը, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ պետական որոշմամբ ու հրահանգով գործադրուեցան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ որուն հետեւանքով իր դարաւոր հայրենիքին մէջ ապրող շուրջ երեք միլիոն հայութեան 1.5 միլիոնը բնաջնջուեցաւ, ներառեալ նաեւ Պոլիս ապրող աւելի քան հարիւրեակ մը գրագէտներն ու քաղաքական գործիչները:

Յարգելի Ազնաւուրին հարց կու տամ, եթէ այս բոլորը ցեղասպանութիւն չէ, գտա՞ծ է զայն փոխարինող բառը: Եթէ ոչ՝ հարկ է որ պահենք, պահպանենք այդ բառը, որուն նմանը չկայ, եւ չկայ ջարդ ու կոտորած, որ հաւասարի հայկական ցեղասպանութեան: Ան կը յիշատակէ տարբեր ժողովուրդներու ջարդերը, գլխաւորութեամբ հրէական հոլոքոսթին, զոր ծրագրող եւ գործադրող Նացի Գերմանիոյ յաջորդող կառավարութիւնը ներողութիւն խնդրեց զոհէն, նիւթական ու բարոյական հատուցում կատարելով: Եւ հատուցումներուն գլխաւորը՝ 1948-ին, ՄԱԿի որոշումով, հիմնուեցաւ Իսրայէլի պետութիւնը, մինչ հայոց թիզ մը հող իսկ չէր տրուած:

Ազնաւուր օգտակար կը նկատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին բացումը, խորհելով թէ Թուրքիոյ մեղրն ու կարագը դէպի Հայաստան հոսելով կը բարելաւուի ժողովուրդին կենցաղը: Բացարձակապէս սխալ այս կարծիքէն պէտք է հրաժարի ան, համոզուելով որ սահմանի բացումը միայն չարիք կը բերէ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ վտանգելով հայ պետութեան գոյութիւնը: Դժուար չէ երեւակայել որ բաց սահամններէն քանի մը հարիւր հազար թուրքեր Հայաստան գան, գործի ձեռնարկեն, տուն գնեն, հայ կիներու հետ կենակցին եւ նոյնիսկ ամուսնանալով խառնածին սերունդ մը յառաջ բերեն: Այս ահաւոր պատկերին հետեւանքով տունը ծախող հայը պիտի չուէ օտար երկիր՝ այդ կտոր մը հայրենիքին ալ ապագան վտանգելով: Աչքի առջեւ է օրինակը բարեկամ իրանցիներուն, որոնք Հայաստան գալով տուներ գնեցին, հաստատուեցան եւ գործերու ձեռնարկեցին:

Սակայն բարեկամական այս ընթացքը անուղղակիօրէն վնասակար եղաւ, քանի որ տունը ծախող հայը տնտեսական եւ քաղաքական անտանելի կացութենէն զզուած եւ կանխիկ դրամը գրպանը դրած՝ լքեց հայրենիքը: Որով, սահմանները բանալ առաջարկող Ազնաւուր այս աղիտալի կացութեան մասին ալ պիտի մտածէ:

Ազնաւուր թուրքերը լաւ մարդիկ կը նկատէ, կ’ուզէ Թուրքիա այցելել, վայելել երկրին գեղեցկութիւնը եւ խոհանոցին համադամները: Ես գացեր ու վայելեր եմ այդ բոլորը՝ մեր մայրերու տոլման, սարման եւ քէօֆթէն եւ թուրք ժողովուրդին սիրալիր խօսակցութիւնը:

Իր ուշադրութեան կը յանձնեմ նաեւ թուրք նպարավաճառի մը հետ ունեցած հանդիպումս շուրջ քառասուն տարի առաջ: Սեփական ինքաշարժովս Պէյրութէն ճամբայ ելեր էի կնոջս եւ 4-5 տարեկան տղուս հետ, քշելու համար մինչեւ Փարիզ: Ատանա հասնելով նպարավաճառի մը խանութին առջեւ կեցայ գնումի համար: Մինչեւ մէջքը հասնող ճերմակ մօրուք ունէր նպարավաճառը: Սահուն թրքերէնով հարցուցի, թէ այստեղ հայեր կա՞ն:

Ապշած՝ երեսիս նայելով վերէն վար չափեց զիս եւ պատասխանեց.- Օղլո՛ւմ, սէն ճահիլ սըն. վախտընտա չոխ վարտըլար, քէօքիւնտէն թեմիզլետիք (տղա՛ս, դուն պզտիկ ես. ժամանակին շատ կային, արմատէն մաքրեցինք) ըսաւ ան, ձեռքը եաթաղանի պէս օդին մէջ փարտելով: Ասիկա թուրքին հարազատ պատկերն էր, որովհետեւ ան չէր գիտեր հայ ըլլալս: Յաջորդ տարին, քանի մը բարեկամ ընտանիքներու հետ կրկներ եմ նոյն պտոյտը, ի միջի այլոց, աւելի լաւ ճանչնալու համար թուրքն ու Թուրքիան:

Ազնաւուր հիմա ինքնակոջ հիւր մը չէ: Ան հրաւիրուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարէն: Խորամանկ մարդ է Տաւուտօղլուն. ան գիտէ թէ ո՛վ է Ազնաւուր, ի՞նչ կշիռ ունի, ի՞նչ կ’ուզէ եւ հասկացողութեան գալու անոր կակուղ տրամադրութեան մասին ալ տեղեակ ըլլալու է: Բայց իրեն տրուելիք փառք ու պատիւներէն անդին, Ազնաւուր պէտք է մտածէ, թէ ի՞նչ կրնայ փրցնել ի շահ ազգին, թէեւ կը կարծեմ՝ թէ ոչինչ:

Ազնաւուր առաջինը չէ որ թուրք նախարարի մը պիտի հանդիպի: Այդպիսի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 27 Նոյեմբեր 1977-ին Ցիւրիխի մէջ, թուրք արտաքին գործոց նախարար Սապրի Չաղլայանկիլի եւ սփիւռքահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ: Այս հանդիպումը մանրամասնօրէն ներկայացուած է «Խճանկար» գրքէն 392-393 էջերուն վրայ, ուր թուրք նախարարը պաշտօնապէս կը յայտարարէ.-

1) Ոչ մէկ թուրք կառավարութիւն կրնայ մէկ թիզ հող իսկ զիջիլ:

2) Ձեր ցեղասպանութիւն կոչածը անցեալի ցաւալի դէպքեր են, որոնց ընթացքին հայեր եւ թուրքեր զիրար ջարդեցին:

Բայց զարմանալի անկեղծութեամբ կամ պատմութեան պարտադրանքով կ’ընդունի, թէ հայկականը անհատական կամ խմբակային էր, մինչ թրքականը պետականօրէն կազմակերպուած էր:

Վերջ տալու համար Հայոց Ցեղասապանութեան մասին պնդումներուն, Չաղլայանկիլ անսահման նիւթական հատուցում կ’առաջարկէ, պահանջելով նաեւ ԱՍԱԼԱ-ի գործունէութեան դադարումը, այլապէս սպառնալով թրքական փոխադարձութեամբ, որ աւելի բուռն կրնայ ըլլալ, կ’ըսէ ան:

Հայ պատուիրակութիւնը կը պատասխանէ, թէ հայոց մարդկային ու հողային կորուստները նիւթական հատուցումով չեն լուծուիր, իսկ ԱՍԱԼԱ-ի վրայ ոչ մէկ հակակշիռ ունին կուսակցութիւնները, նկատելով որ անոր անդամները կուսակցութիւններու խաղաղ եւ դասականացած գործունէութենէն դժգոհ տարրեր են: Այս առթիւ պէտք է յիշել, որ ԱՍԱԼԱ-ի (ASALA= Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia) հիմադիրը եղած է Գուրգէն Եանիկեանը, որ Լոս Անճելըսի թուրք հիւպատոսարանին մէջ երկու թուրք դիւանագէտներ սապաննելէ յետոյ, կամաւոր կերպով յանձնուեցաւ ոստիկանութեան եւ բանտին մէջ մահացաւ տարիներ ետք:

Այս դէպքին շնորհիւ, մասնաւորաբար ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուող պայքարը նոր թափ ստացաւ եւ դեռ կը շարունակուի:

Եզրակացութիւն՝ չեմ կարծեր որ Ազնաւուր ինքզինք աւելի լիազօրուած զգայ քան կուսակցութիւնները, ազգային որեւէ հարցի առնչութեամբ:

Լուսաբանութեան համար տրուած այս ծանօթութիւններէն յետոյ, կը խնդրենք սիրելի Ազնաւուրէն, որ քաղաքական մարզի մէջ բանակցողի հանգամանքէն հեռու կենայ, գոհանալով վաստակաւոր աշխարհահռչակ երգիչի իր համբաւով, որուն համար հպարտ ենք եւ շնորհակալ ենք իրեն ազգովին:

Հայկ Նաղաշյան

Այս խորագրի վերջին նյութերը