Լրահոս

11.04.2011 12:01


Շահան Գանտահարեան. «Ջրբաժանի օր»

Հայ ազգային կոնգրեսի կազմակերպած ուրբաթ օրուան ցոյցին Հայաստանի առաջին նախագահին արտասանած խօսքը առաւելաբար կը վերաբերէր ընդդիմադիր դաշտին: Տարաբնոյթ հիմնաւորումներով Տէր Պետրոսեան կ՛ուզէր ընդգծել, որ բացառուած է երրորդ բեւեռի կայացումը Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ:

Ուրբաթ օրուան հանրահաւաքին արտասանուած խօսքին հետեւողը կրնայ եզրակացնել, որ արմատական ընդդիմութեան անունով քաղաքական հրապարակ իջած ուժին համար ոչ թէ իշխանութիւնն է թիրախը, այլ իրենցմէ դուրս ընդդիմութիւն չընդունելու քարոզչութեան տարածումը: «Ինչպէ՞ս կրնայ ՀԱԿ-ը մենաշնորհել ընդդիմադիր դաշտը» հարցումին կը պատասխանէ նոյնինքն հարցումը բարձրաձայնողը` բացատրելով, որ ՀԱԿ-ը ո՛չ վարչական լծակներու, ո՛չ նիւթական միջոցներու, ո՛չ զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ այլ միջոցներու կը տիրապետէ. հետեւցնելու համար` եթէ իշխանութիւնները այս բոլորը ունին մենաշնորհելու համար իշխանութեան դաշտը, ապա ՀԱԿ-ը այդ բոլոր միջոցներէն զուրկ է: Այս տրամաբանութիւնը կը շարունակուի հաստատելու համար, որ երրորդ բեւեռը, կամ ՀԱԿ-էն դուրս այլ ընդդիմադիր շարժում ի վիճակի չէ կայանալու: Այս տեսութիւններու յառաջ քշման համար ներկայացուած հիմնաւորումները կը սատարեն խաղի ներկայ կանոնները պահելու եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն մրցապայքարը ներկայ ձեւաչափին մէջ պահելու: Պահ մը սակայն, ընդունելով, որ ՀԱԿ-ի առաջադրանքները ներկայացուած կէտերն են (ՀԱԿ-ի կողմէ պահանջուած քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, մարտ 1-ի սպանութիւններու բացայայտումներ եւ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ հանրահաւաքներ կազմակերպելու արտօնութիւն), պէտք է նկատել, որ վարքագիծի, օգտագործուած բառամթերքի եւ նոյնիսկ պահանջներու հիմնական փոփոխութիւն արձանագրուած է: Այստեղ արդէն նախագահի անմիջական հրաժարականի մասին խօսք անգամ չկայ. արտահերթ ընտրութիւններու ժամկէտի յստակացում չկայ եւ տակաւին աւազակապետութիւն կամ նման որակումներով պետական համակարգ կազմաքանդելու անմիջական խնդիր չի դրուիր: Ընդհակառակն` երկխօսութեան մասին քանի մը առիթով շեշտումներ կամ իշխանութիւններուն հետ վերջնագիրով չխօսելու յայտարարութիւններ, նոյնիսկ օգտագործուած ըսելաձեւեր  կը յիշեցնեն կառուցողական ընդդիմութեան որդեգրած վարքագիծը: Մօտեցումի հիմնական տաբերութիւնը այն է, որ այս պարագային այս վարքագիծը մենաշնորհելու որեւէ մօտեցում ցոյց չի տրուիր զայն առաջադրողներուն կողմէ: Ընդհակառակն` կառուցողական շեշտադրումները տարածելու, ընդունելի դարձնելու պահանջն է, որ մնայուն պահանջուած է երրորդ բեւեռին ձգտող ուժին կողմէ: Խառն պատգամներ կան Տէր Պետրոսեանի ճառին մէջ: Կամուրջները պահել իշխանութիւններուն հետ…. մինչեւ 28 ապրիլ: Մինչ այդ  իշխանութիւնները պէտք է ազատ արձակեն քաղաքական բանտարկեալները, արտօնեն հանրահաւաք կազմակերպել Ազատութիւն հրապարակին վրայ եւ հաւաստիացնեն, որ 1 մարտի սպանութիւնները պիտի բացայայտուին: Ապրիլ 28-ը պէտք է դառնայ կա՛մ երկխօսութեան սկզբնաւորման, կա՛մ ալ` իշխանութեան ու հասարակութեան վերջնական ջրբաժանի օր: ՀԱԿ-ի խօսնակ Լեւոն Զուրապեանն էր, որ կը յստակացնէր  վերջնական ջրբաժանը` յայտարարելով, որ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի ծաւալին ամբողջ հանրապետութեան տարածքին` քաղաքացիական անհնազանդութեան  շարժում սկսելու համար: Մէկ կողմէ վարքագիծի փոփոխութեան նշաններ ցոյց տալով, միւս կողմէ զանգուածը պահելու համար ետդարձներ կատարելով ՀԱԿ-ը դիրքեր կորսնցնելու եւ նուազներ արձանագրելու իրավիճակ կը պարզէ: Հաւանաբար այս անհանգստութենէն մղուած Դաւիթ Շահնազարեան կը խօսի ընդդիմադիր այլ ուժերու լուսանցքայնացման, իսկ առաջին նախագահն ալ` երրորդ բեւեռի կայացումի բացառումին մասին: Ջրբաժանի ճշդուած օրը յաւելեալ լոյս կը սփռէ հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ: 28 ապրիլը շատ հեռու չէ:

Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»ի գլխավոր խմբագիր

Այս խորագրի վերջին նյութերը