Քաղաքական

12.11.2019 13:35


Կա մե՛կ Դաշնակցություն, չկա՛ այսպես ասած՝ «դրսի» կամ «ներսի» դաշնակցական. ՀՅԴ Արևմտյան Եվրոպայի կենտրոնական կոմիտեի հայտարարությունը

Կա մե՛կ Դաշնակցություն, չկա՛ այսպես ասած՝ «դրսի» կամ «ներսի» դաշնակցական. ՀՅԴ Արևմտյան Եվրոպայի կենտրոնական կոմիտեի հայտարարությունը

(Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատուիրակութեան Փարիզ այցելութեան առիթով)

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, հայրենի պետական պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցով կը գտնուի Փարիզ` մասնակցելու խաղաղութեան միջազգային երկրորդ ֆորումին, ի շարս տարբեր երկիրներու բազմաթիւ պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու:

Եռօրեայ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, երեքշաբթի 12 նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի կ‘ունենայ պատուիրակութեան հանդիպումը ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Սոյն հանդիպումին հրաւիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Այս առիթով, կանխաւ հետեւեալ յստակացումը կը կատարենք հայ հասարակական բեմին համար.

Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններով, կ‘ընդառաջէ հրաւէրին, կը մասնակցի հանդիպումին, առաջնորդուելով իր ազգային – քաղաքական վարքագիծով, որ այլ բան չէ եթէ ոչ հաւատարմութիւն ու զօրակցութիւն մեր պետականութեան, լաւապէս տարբերելով ու սահմանագծելով պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկացողութիւնները: Եւ այս իսկ սկզբունքէն մեկնած, միաժամանակ, ամենայն համոզումով ու մեր բոլոր ուժերով եւ միջոցներով անվերապահօրէն կը զօրակցինք ՀԵՄ-ի նախաձեռնած հրապարակային միջոցառումներուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի` կրթական մարզէն ներս վարած ապազգաին քաղաքականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խստիւ ու միանգամընդմիշտ կը մերժենք մեր կուսակցութեան մէջ շերտեր որոնելու ոմանց ապարդիւն փորձերը:

Յստակ պէտք է դառնայ անխտիր բոլորին, որ կայ մէ՛կ Դաշնակցութիւն, չկա՛յ այսպէս ըսած «դրսի» կամ «ներսի» դաշնակցական, այլ կայ մէկ տեսակի դաշնակցական աշխարհի չորս ծագերուն, որուն երդումը մէ՛կ է. ծառայել Հայաստանի ու հայութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան

Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Այս խորագրի վերջին նյութերը