Լրահոս

24.02.2010 13:11


ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ միացյալ հայտարարություն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ապրիլ 24, 2010-ին կը լրանայ Հայկական Ցեղասպանութէան 95-րդ տարելիցը:

Հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ոճրագործութեան հետեւանքները այսօր ալ կը յամենան։ Արդարութիւնը տակաւին չէ յաղթանակած։

95 տարի շարունակ հայրենազրկուած, պատմական հայրենիքին մէջ  Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը հետապնդած է իր արդար դատը: Պայքարի երկար ճանապարհին մեր ժողովուրդը կրցաւ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ' հաւատարիմ մնալով ազգային արժէքներուն, Հայրենիքին, իր լեզուին եւ մշակոյթին: Հայկական գաղութներուն մէջ բացուած իւրաքանչիւր դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն յաղթական քայլ եղաւ մեր նպատակներուն ուղղութեամբ:

Անցնող տասնամեակներուն Սփիւռքը կրցաւ համախմբուիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, կորուստներու հատուցումին, Հայրենիքի գաղափարին շուրջ եւ յաջողութիւններ արձանագրեց:

Խորհրդային ամբողջատիրութեան տարիները Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան համար նոյնպէս հայրենիքի վերադարձի, ինքնունութեան հաստատման, սերունդներու  իրաւունքի գիտակցութեան ժամանակներ եղան: Հայրենի հայութեան այս կեցուածքը կայանալու եւ յաղթանակի ճանապարհ հարթեց Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն յետոյ:

1965 թուականէն սկսեալ' ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներէն յետոյ, Արցախեան հերոսամարտն էր, որ վերջնականապէս ապացուցեց հայութեան միասնականութեան անխորտակելի ուժը, Հայ Դատի ամբողջականութիւնն ու կենսունակութիւնը: Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը կայացաւ ազատագրական յաղթական պատերազմի եւ համահայկական ներուժի գիտակցութեան շնորհիւ: Արժեւորենք այս փաստը: Մեր ազգի աննախադէպ յաղթանակներն արդիւնք են Հայոց պետականութեան եւ հայկական Սփիւռքի համատեղ աշխատանքին:

Մեր ժողովուրդը այսօր դարձեալ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ է: Աննախադէպ են զարգացումները հայ-թուրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, արցախեան հիմնախնդիրը արագ հանգուցալուծելու առումով: Կրկին հայ ժողովուրդի անանց արժէքներուն, մեր սերունդներու իրաւունքներուն հաշւոյն օտարի շահերը բաւարարելու փորձ կը կատարուի։ Բարեբախտաբար հայութիւնը սկսած է գիտակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու քօղարկուած ու բացայայտ սպառնալիքները: Տակաւին վտանգուած է նաեւ Արցախի հերոսական ժողովուրդի արիւնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

Միւս կողմէ՝ Ջաւախքի հայութիւնը զրկուած է մարդկային տարրական իրաւունքներէն, որոնք ամէնուր ինքնին բնական եւ հասկնալի են:

Մենք' համահայկական երեք կուսակցութիւններս, համոզուած ենք, որ միմիայն համախումբ ջանքերով, խոհեմ ու վճռական քայլերով կը կարենանք աշխարհի մէջ  ձեւաւորել Հայոց ազգային-պետական շահերը հաշուի առնելու, մեր իրաւունքները յարգելու գիտակցութիւն։ Մենք համոզուած ենք, որ միմիայն միասնական ջանքերով, ամենօրեայ աշխատանքով հնարաւոր է լուծել համազգային խնդիրները. ջաւախքահայութեան իրաւունքներու, Արցախի անկախութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման կենսական հիմնահարցերը: Հայաստանի պետական-հասարակական կեանքին մէջ Սփիւռքի իրական ներգրաւուածութիւնը կրնայ դառնալ մեր միասնականութեան ամրապնդման կարեւոր գործօն։

Այս տարի Հայոց Մեծ Եղեռնի 95-ամեակն է: Կը մօտենանք մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն 100-ամեայ տարելիցին: Հայկական ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ հատուցման պայքարը մեծագոյն նշանակութիւն ունի ինչպէս համամարդկային քաղաքակրթական արժէքներու, այնպէս ալ Հայաստանի անկախ պետականութեան անվտանգութեան առումով: Յանցագործութեան անպատիժ մնալն էր, որ յետագային հնարաւոր դարձուց նմանատիպ ոճիրներու կրկնութիւնը:

Մենք վճռական ու վստահ ենք մեր արդար դատը յաղթանակով աւարտելու պայքարին մէջ: Մենք կոչ կÿընենք ՀՀ իշխանութիւններուն, հասարակական-քաղաքական բոլոր ուժերուն, Սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն, հայ ժողովուրդի ապագայով մտահոգ բոլոր մարմիններուն՝ համախմբուելու համազգային խնդիրների շուրջ, միասնական եւ կուռ դիրքորոշում ներկայացնելու ամբողջ աշխարհին, իրական քայլեր կատարելու Հայաստանի, հայկական Սփիւռքի, ընդհանրապէս հայութեան խնդիրները լուծելու, համազգային հարցերու շուրջ միասնական քաղաքական կամք ձեւաւորելու, աշխարհի մէջ մեր ինքնուրոյն եւ արժանապատիւ տեղը ապահովելու ճանապարհին:

Հայկական իրականութեան այս կարեւոր հանգրուանին մենք կը դատապարտենք այն բոլոր երեւոյթները, որոնք հայութեան կամքը կոտորակելու կը ծառայեն:

Այսօր արդէն բազմաթիւ պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այլընտրանք չկայ' հայութեան բոլոր հատուածներու գործակցութեամբ, մեր անկախ պետականութեան հզօրացմամբ մենք պիտի հասնինք աշխարհի ու նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ մեր Արդար Դատի ճանաչումին:

Այս է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայութեան լիարժէք, անվտանգ ապագայի երաշխիքը:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան Կուսակցության կենտրոնական վարչություն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության բյուրո

Ռամկավար Ազատական Կուսակցության կենտրոնական վարչություն

24 Փետրուար 2010

Այս խորագրի վերջին նյութերը